
ՊԱՏԿԵՐՈՎՆ ԻՐ ՀՕՐ ԶՈՐ ՉԷՐ ՏԵՍԱԾ - Ընկեր Նազո Ճերեճեան
Բիւր յարգանք անխտիր, այն ութսունի հասնող անմեղ հայերուն, որոնք 65 տարի առաջ դարանակալ սպաննուեցան եղբայրասպան գնդակով անիմաստ պայքարի պատճառով։ Խունկ եւ մոմ անոնց անշէջ յիշատակին
Ընկեր › Նազո Ճերեճեան Ֆեյսբուքում › գրում է
1- «ՊԱՏԿԵՐՈՎՆ ԻՐ ՀՕՐ ԶՈՐ ՉԷՐ ՏԵՍԱԾ»*
(Թող կարդան միայն անոնք որոնք լրջօրէն մտահոգուած են հայկական միասնականութեամբ)
Բիւր յարգանք անխտիր, այն ութսունի հասնող անմեղ հայերուն, որոնք 65 տարի առաջ դարանակալ սպաննուեցան եղբայրասպան գնդակով անիմաստ պայքարի պատճառով։ Խունկ եւ մոմ անոնց անշէջ յիշատակին։
Բաբգէն Բաբգէնի Պոյաճեանը մանկութեան դասընկերս էր, Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանը, մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական` 6րդ, որմէ ետք` Յովակիմեան-Մանուկեան, ապա զիրար վերագտանք ու մեր ապագայ կողակիցերուն հետ (երկուքն ալ Հալէպէն) աւելի մտերմացանք Հայրենիքի ուսանողական տարիներուն։
Մայրս յաճախ սարսափով կը պատմէր Բաբգէնի հօր` Բաբգէն Հայկի Պոյաճեանի սպաննութեան եւ յղի մօր վիրաւորուելուն մասին երբ ինք սաղմային վերջին շրջանին` կը պատրաստուէր մէկ ամիսէն լոյս աշխարհ գալ, ու մենք որպէս դասընկերներ իր հանդէպ տեսակ մը գուրգուրալից սիրով կ'անցնէինք մեր դպրոցական առօրեան։
Մայրս կը պատմէր նաեւ, որ մեր թաղին մէջ հայրս նոյնպէս ճանչցուած էր որպէս «համայնավար» ու ես` մօրս արգանդին մէջ` մազ մնացէր` որ Բաբգէնի նման որբանայի ու 3 հատ քոյրեր ու եղբայր չունենայի (ու այս պատճառով, "մերիններն" ալ «հակադիր ճակատէն» չես գիտէր ո՞ր մէկ անմեղին գլուխը պիտի «ուտէին»)։ Սակայն մեծ մօրս` Շահսանէ տուտույի (մահացած` 1965-ին) դայեակ (էպէ) ըլլալուն եւ բոլոր թաղեցիներուն լոյս աշխարհ բերած ըլլալու "խաթիր"ը մետասաներորդի հրաշքով փրկած է հօրս կեանքը։
1958ի դէպքերէն տասնեակ տարիներ ետք մայրս կը շարունակէր վերյիշել եղբայրասպան տժգոյն օրերը, ողջ սարսափը տակաւին հոգւոյն մէջ ամբարուած` «Ա՜խ Առաքել, ա՜խ։ Ամբողջ գիշեր վիրաւոր մնաց վարի ձորը։ «Ջու՜ր, մայրի՜կ, ջո՜ւր», կ'աղերսէր։ Ոչ ոք կրցաւ մօտենալ փրկելու զինք։ Ու լուսադէմին` լռեց»։
Այսօրինակ դէպքեր "հակադիր" կողմն ալ պատահեցան` նոյն մոլեգնութեամբ։ "Կասկածելի" թաղեցիներ կամ պէտք էր իրենց ապրած շրջանէն հեռանային, կամ ալ սարսափով սպասէին ցուցակագրուած իրենց կարգը։
Հայկական դատը մոռացութեան տուած հակադիր կողմերէն մին լծուած էր արեւմտեան կայսերապաշտութեան (իմբերիալիզմի) սայլին` հակահամայնավար քղամիտին տակ, միւսը` խորհրդային իշխանութիւններուն: Երկուքն ալ հաւասարապէս օտար աղբիւրներէ կը յագեցնէին իրենց իշխանատենչ կիրքը։
Օտար տէրերուն ծառայելով` 1958 Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր... , եղբայրասպան այս դէպքերը միայն ծառայեցին թուրք պետութեան` 1920-ին կիսատ մնացած ոճիրներու շարունակման, հայ համբաւի արատաւորման եւ վարկաբեկման։
( Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան հայկական կուսակցություն հնչակյան )
Ընկերս Բաբգէնը, 2011 թուականէն ի վեր, իր հօր սպաննութեան տարելիցին առիթով (26 Օգոստոս 1958) «ֆէյսպուք»ին վրայ բարձրաձայնելով կ'ահազանգէ այս ցաւոտ խնդրին մասին։ Իր ցանկութիւնը ուրիշ բան չէ` տեսնել առնուազն եկեղեցական եւ կուսակցական հրապարակային ներողութեան արտայայտութիւն` կատարուածին համար։ «Լիբանանի 1958-ի եղբայրասպան ոճիրներուն նահատակները հայկական գաղութի կուսակցութիւններուն եւ Եկեղեցիին կողմէ յիշատակութեան եւ ներողութեան մը պիտի արժանանա՞ն» (Բաբգէն Պ., 26 Օգոստոս 2022)։
Սակայն գործնական գետնի վրայ... «ձայն բարբառոյ յանապատի» ... ո՞վ պիտի «զանգակը կախէ կատուին վիզէն», ո՞ր մէկ կողմը քաջութիւնը պիտի ունենայ ականջ դնել այս անարձագանք մնացող կոչին...
(շարունակելի` շուտով)
(* Խորագիրը փոխ առած եմ Օննիկ Սարգիսեանի «Կարաւանները Այստեղէն Կ'անցնին», Պէյրութ, 1976, կրտսեր Բաբգէնին նուիրուած գրքոյկէն)։
(Ա. Գծանկար` մայրը
Բ. Գծանկար` հայրը։
Երկուքն ալ Բաբգէնի գործերն են։
Գունաւոր նկարը` Բաբգէն եւ տիկինը` Մարիան իրենց թոռան` Ալեքի հետ, 2019։)
Nazo Jerejian raising the Social Democrat Hnchak Party Flag on Mount Ararat's Summit at Ararat mount.